2014-01-17 12:15:45

2014-ի Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբաթուայ բնաբանը` ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ''։


Ամէն տարի, 18-25 յունուար, կը նշուի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։
2014-ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ բնաբանն է` ''Արդեօք Քրիստոս բաժնուեցա՞ւ''։ Բնաբանը քաղուած է Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակէն գլուխ 1, 1-13 համարներ։ Միութեան աղօթքի շաբթուայ գրքոյկը պատրաստուած է Գանատայի զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ։ Խորհդածութիւններու շարքը նուիրուած է վերջերս մահացած երկու մեծ Աստուածաբաններու Րալֆ Տէլ Գոլլէ (1954-2012) եւ Մարկարէդ Օ կարա (1947-2012)։ Գրքոյկը կը պարունակէ նաեւ հոգեւոր երգերու ցանկ մը, այս առթիւ յօրինուած Քանատացի երաժիշտներու կողմէ։
-------------
Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած առաջին նամակէն 1,1-13։
Պօղոս, որ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալն ըլլալու կոչուած է Աստուծոյ կամքով, եւ Սոսթենէս եղբայրը, (իրենց ողջոյնը կը ղրկեն) ձեզի, Կորնթոս •տնուող Աստուծոյ հասարակութեանդ, որոնք Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած են, եւ սուրբ կը կոչուին: (Այս ողջոյնը կ՛երթայ նաեւ) բոլոր անոնց, որ Յիսուս Քրիստոսի անունը կը կոչեն, ըլլա՛յ իրենց, կամ մեր կողմերը,
շնորհք(ի մաղթանք) ձեզի, եւ խաղաղութիւն, մեր Հօր` Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ:
Ձեզի համար շարունակ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստու-ծոյ, այն շնորհքներուն համար, որոնք Քրիստոս Յիսուսով տրուած են ձեզի, որովհետեւ իրմո՛վ հարստացաք դուք, ամէ՛ն կերպով, ամբողջա-կան վարդապետութեամբ եւ կատարեալ •իտութեամբ, ինչպէս որ Աստուծոյ վկայութիւնն ալ հաստատուեցաւ ձեր մէջ, այն աստիճան, որ պակաս չունի՛ք դուք ո՛չ մէկ շնորհքի, (եւ ա՛յդպէս) կը սպասէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան, որ մինչեւ վե՛րջ պիտի ամրացնէ ձեզ, որպէսզի անարատ ըլլաք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի օրը: Աստուած հաւատարիմ է իր խօսքին, որով դուք ալ կոչուեցաք, հաղորդակից դառնալու իր Որդւոյն, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի: Եղբայրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով կ՛աղաչեմ, որ նո՛յն վարդապետութիւնը պահէք բոլորդ: Թող չմտնե՛ն հերձ-ուածներ ձեր մէջ, քանի որ նոյն հաստատ միտքով էիք դուք, եւ նոյն համոզումներով: Սակայն եղբայրներ, քղուացիներու կողմէ տեղեկութիւններ հա-սան ինծի ձեր մասին, թէ հակառակութիւններ կան ձեր մէջ: Եւ ըսե՛մ ալ մէկէն. (Տարբեր-տարբեր բաներ) կ՛ըսէ ձեզմէ ամէն մէկը, թէ. Ես Պօղոսեան եմ, միւսը` Ես Ապողոսեան, երրորդ մը` Ես Կեփայեան եմ, իսկ անդին ուրիշ մը` թէ. Ես Քրիստոսեան եմ: Արդ, մի՞թէ (կտոր-կտոր) բաժնուեր է Քրիստոս: Պօղո՞սն էր արդեօք, որ խաչելած է ձեզի համար, կամ թէ` Պօղոսի՞ անունով մկրտուած էք դուք:








All the contents on this site are copyrighted ©.